Սիրիահայության դիմագրաված դժվարությունները շարունակում են առաջնահերթ տեղ գրավել. Արամ Առաջին

22

Մեծի Տան Կիլիկիո Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսի կոչ է անում, որ օգնությունը սիրիահայությանը համահայկական առաջնահերթությունն է:

Հայտարարության մեջ, մասնավորապես, ասված է.

«Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան աշխատանքներուն մէջ կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ գրաւել:

Վեհաափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ մեր հոգեւոր ու համանյքային պատասխանատուներուն հետ: Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին իր հայրապետական պատգամին մէջ Վեհափառը կոչ ուղղեց Սուրիոյ հայութեան անմիջական օգնութեան, շեշտելով որ «Սուրիոյ հայ գաղութը պատմական գաղութ է, կազմակերպ ու աշխոյժ գաղութ է ու յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՜ Հայաստանի, թէ Սփիւռքի եւ թէ մեր պահանջատիրութեան համար: Հետեւաբար, անոր կազմակերպ ու կենսունակ պահպանումը համահայկական խնդիր էե:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակով թելադրեց անմիջապէս լծուիլ Սուրիոյ հայութեան օգնութեան գործին «միասնական ոգիով ու մասնակցութեամբ տուեալ գաղութի բոլոր կառոյցներունե:

Վեհափառը շեշտեց, որ «համահայկական տագնապները համահայկական ճիգով հարկ է դիմագրաւել՝ հեռու ամէն տեսակ ներքին զգայնութիւններէե: Եւ նկատի ունենալով Սուրիոյ հայութեան օգնութեան անյետաձգելի հրամայականը եւ որպէսզի կարենայ մօտէն հետեւիլ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, Վեհափառ Հայրապետը ջնջեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին իր կատարելիք հովուապետական այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին:

Երէկ, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին, դարձեալ լայնօրէն քննարկուեցաւ Սուրիոյ հայութեան ներկայ կացութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն նուիրեալ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին խոր հաւատքը ու ամուր վճռակամութիւնը կառչած մնալու իր կառոյցներուն ու Սուրիական հայրենիքին: «Դժբախտաբար, որոշ լրատուական օրկաններ եւ կրօնական ու քաղաքական որոշ շրջանակներ, հայ թէ օտար, միակողմանի ու անճիշդ կերպով կը ներկայացնեն Սուրիոյ հայութիւնը ու յատկապէս սուրիական տագնապին գծով անոր մօտեցումները: Ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած վերլուծումները ու վերագրումները սկսած են սխալ տպաւորութիւններ յառաջացնել Սուրիոյ մեր համայնքին նկատմամբե:

Ու ապա Վեհափառը աւելցուց.«Հարկ է ըլլալ արթուն, զգօն եւ զգոյշ. այս կացութեան մէջ պէտք չէ անտեսել նաեւ թրքական գործօնըե: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեցուց թէ՝«Սուրիոյ հայութիւնը տէրն է իր ճակատագրին: Ինք անբաժան մասն է Սուրիական հայրենիքին, ջերմօրէն հաւատացողն է քրիստոնեայ–իսլամ համակեցութեան. կապուած կը մնայ Սուրիոյ ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ կը մերժէ ոեւէ արտաքին ճնշում որ կը փորձէ հարցականի տակ առնել իր կապուածութիւնը Սուրիոյ ու իր ազնիւ ժողովուրդին, որոնց հանդէպ ինք կը մնայ երախտապարտ՝ երբեք չմոռնալով եղբայրական այն ոգին որ ցոյց տրուեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ թրքական ջարդերէն յետոյե: Վեհափառը միաժամանակ յիշեցուց որ «հայ ժողովուրդի զաւակները, ուր որ ըլլան միշտ յանձնառու կը մնան արդարութեան, խաղաղութեան, ազատութեան, ինչպէս նաեւ կրօններու, մշակոյթներու ու ազգերու խաղաղ գոյակցութեանեե: