Լոս Անջելեսից բժիշկ, հասարակական գործիչ Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանը իր մտահոգությունն է հայտնել առ այն, թե ինչի միջով են անցնում ցեղասպանությունից մազապուրծ եղածները, ինչ իրավիճակում են ներգաղթյալները և ամենակարևորներից մեկի, նա ձայն է բարձրացնում արդեն դարերով արմատացած մի խնդրի՝ արևմտահայերենի աղավաղմանը: «Ազատ Ձայն» լրատվականը ստորև ներկայացնում է մեր սփյուռքահայ հայրենակցի հոդվածը:
Անառարկելի է եւ ապացոյցի չի կարօտիր այն իրողութիւնը, որ աշխարհացրիւ սփիւռքահայութիւնը արդիւնք է Թուքիոյ գործադրած Հայոց Ցեղասպնութեան:
Նոինպէս սփիւռքահայութեան մինչեւ օրս թուային նուազումին, հոգեմտաւոր տառապնքին, այլասերման և այլ վնասներուն:
Հայը արմատախիլ ըլլալով իր պապենական հողերէն, բնութենէն, կրօնամշակութային, ճարտարապետական ժառանգութենէն, օտար միջավայրի մէջ սփիւռքահայութեան որոշ մասը ոչ միայն կորսնցուց իր լեզուն ու աւանդութիւնները, այլ ձուլուեցաւ:
Եթէ հայը մնար իր պապենական հողերու վրայ անցեալ 100 տարուան ընթացքին . այս կորուստը պիտի չիրականանար եւ հայութեան թիւը այսօր 16-20 միլիոնի պիտի հասնէր աշխարհի վրայ, փոխանակ 8-10 միլիոն ծնունդով հայերու:Որեմն թուրքերը Հայոց Ցեղասպանութեամբ ոչ միայն կիսած են հայ ազգի թուային գոյութիւնը, այլ նպաստած ու պատճառ դարձած արեւմտահայերէնի «վտանգի ենթարկուած լեզուներու» դասաւորման:
Պարզաբանենք:
Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ հայ բնակչութիւնը, ուր արեւմտահայերէն կը խօսէր, իր գոյութիւնը պահպանելու համար մաս մը անցաւ Պարսկաստան (Վանէն, Ուրմիայէն, Մուշէն եւ այլն ), մաս մըն ալ նոյն գաւառներէն Հայաստան ապաստանեցաւ:Յետագային Հայաստան ներգաղթեցին նաեւ Միջին Արևւելքէն եւ Եւրոպական երկիրներէն (Սուրիա, Իրաք, Լիբանան,Հունաստան, Եգիպտոս,Ֆրանսա, Պուլկարիա) եւ այլն:
Ցեղասպանութենէն վերապրածներեն ու անոնց զաւակները Հայաստանի մէջ ապրեցան եւ սորվեցան արեւելահայերէնը աբեղեանական խորթ ու աղաւաղուած ուղղագրութեամբ եւ մոռացան դասկան- Մեսրոպեան ուղղագորւթեամբ արեւմտահերէնը:
Այսօր այդ ներգաղթած սերունդն ու անոնց զաւակներն ու թոռները աշխարհի տարբեր երկիրներ արտագղթելով իրենց հետ կը տանին աբեղեանական ուղղագրությամբ արեւելահայերէնն ու Մեսրոպեան-դասական ուղղագրութիւնը կը չէզոքացնեն, կանհետացնեն : Այսպիսով արեւմտահայերը, որոնք Հայաստան ներգաղթեցին հայրենասիրութեամբ հայրենի երկիրը կերտելու, զօրացնելու համոզումով, ներկայիս իրենց զաւակներն ու թոռները սփիւռք արտագաղթելով և հաստատուելով, արեւմտահայերէնի եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեան անհետացման կը նպաստեն:
Ուստի , երբ նկատի առնենք հայ ժողովրդի տեղաշարժերը անցեալ մէ դարու ընթացքին, կը նկատենք թէ Հայոց Ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք, հայությունը մեծ մասամբ , իր դարաւոր բնակավայրէն բռնագաղթելով բացի Արևելեան Հյաստանէն, մեծ մասամբ տեղաւորուեցավ իր բնօրրանին մօտակայ, Միջին Արևեւելք եւ Միջերկրական ծովը եզերող երկիրներու եւ Պարսկաստանի մէջ:
Ապա, ներգաղթելով նկատելի թիւով հայեր այս գաղթավայրերէն Հայաստան հաստատուեցան: Քաղաքական եւ տնտեսական անկայունթիւնը արաբական երկիրներու մէջ, պատճառ դարձաւ հայ գաղթօճախներէն հայութեան տարտղման աշխարհի հեռաւոր ափերը՝ Հիւսիսային, Հարաւային Ամերիկա, Քանատա եւ Աւստրալիա: Որպէս արդիւնք այս տեղաշարժերու, լեզուա-ուղղագրական նահանջ իրագործուեցաւ ի վնաս արեւմտահայերէնի եւ դասական Մեսրոպեան ուղղագրութեան:Եթէ 200-300.000 հայեր Միջին Արեւելքէն եւ Միջերկրականի շրջակայ երկիրներու գաղթվայրերէն արևմտահայերէն խօսողները տարտղնելով աշխարհացրիւ եղան անցեալ 40 տարուան ընթացքին, անոր կրկնապատիկը արտագաղթեցին Հայաստանէն նոյն երկիրները: Ստեղծուեցան խառնիճաղանճ հայկական գաղութներ Եւրոպայի, Ամերիկաներու Եւ Աւստրալիոյ մէջ ու խօսուած հայեէն լեզուն արևմտահայերէն եւ արևելհայերէն է եւ ուղղագրութիւնը՝դասական-Մեսրոպեան եւ Աբեղեանական, մինչ նախապէս միայն դասական-Մեսրոպեան էր մինչեւ ութսունական թուականները: Այսօր , նաեւ արեւմտահայերէն աւանդող դպրոցները «բարեփոխած» են հայերէնի ուսուցումը՝ փոխելով արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնով:
Ուստի Հյաստանէն արտագաղթողը պատճառ դարձաւ արեւմտհայերէնի եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեան խոշտանգումին: Վերլուծենք պահ մը թէ, որոնք էին Հայաստանէն այս արտագաղթող հայերը: Հիմնականին մէջ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա ծնած հայ որբերու մէջ հասակ առած սերունդի զաւակները յիսունական թուականներուն հայրենադարձութենէ ետք, Հայաստանի մԷջ դաստիարակուած եւ հիմա արտագղթած Միջին Արեւելք, Միացեալ Նահանգներ,Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ, ընդհանրապէս կը խօսին աղաւաղուած արեւելահայերէնով եւ կը գրեն խորթ Աբեղեանական ուղղագրութեամբ եւ օտարամուտ շինծու բառամթերքով: Հայ գաղութներու մէջ լեզուական եւ ուղղագրական աղաւաղումը ծնունդ առաւ այս նախկին արեւմտահայ հայաստան ներգաղթած եւ արտագաղթած սերունդներու ախտամոլ դիրքաւորումով: գոյութիւն ունեցող նախկին մամուլն ու հեռատեսիլի կայանները դպրոցներն ու որոշ եկեղեցիները մոռացութեան մատնելով եւ անտեսելով հեռացան իրենց նախնիներու գործածած արեւմտահայերէնի բառապաշարէն եւ դասական-Մեսրոպեան ուղղագրութենէն: Որպէս հետևանք Լոս Անճելըսի մէջ հայ դպրոցականը, որուն նախնիները Կիլիկիա կամ Արեւմտահայաստանի քաղաքները ծնած (Այնթապ, Սիս, Մարաշ, Ատանա, Չորք Մարզպան, Զէյթուն կամ Վան- Սասուն, Կեսարիա, Կարին, Խարբերդ, Սեբաստիա, Տիգրանակերտ-Արաբկիր եւ այլն) ոչ միայն արեւելահայերէն կը խօսին , այլ Աբեղեանական ուղղագրութեամբ կը գրեն:
Ցավալին այն է, որ այս 2-3 սերունդները, որոնք Հայաստան ապրեցան եւ դաստիակուեցան, դարձած են մոլեռանդ պաշտպան թէ՛ արևելհայերէնի եւ թէ՛ Աբեղեանական ուղղագրութեան. արմատախոյս զանգուած մը որ չուզեր իր արմատներուն վերադառնալ: Որպէս հետևանք արևմտահայերէնու դասական-Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը այսօր անհետացման վտանգի ենթարկուած լեզուներու շարքին է: Հայութեան հատուած մը, մերժելով իր արմատները, դարձած է ինքնաքանդ …լեզուաքանդ, արեւմտահերէնաքանդ:
Ցաւալի է, որ որոշ մարդիկ իրենց պապաերու ոչ միայն գերեզմանները չեն փնտռեր Պատմական Հյաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ, այլ անոնց գործած բառապաշարը եւ ուղղագրութեան տէր չեն կանգնիր:
Թուրքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը կիսաւարտ գործադրեց, իսկ մնացորդացի եւ անոնց յաջորդող սերունդներու մէջ իրենց պապաենական եւ ազգային հարազատ լեզուական ակունքները չփնտռելով որոշ անձինք թուրքին կիսաւարտ գործին կը սատարեն լեզուական եւ ուղղագրական աղաւաղումներով:
Խնդրե′մ վերադարձէ′ք ձեր հարազատ լեզուական ազգային ակունքնրուն, այլապէս պատմութիւնը դաժան կը վարուի ներկայ հայութիւնը դատելու ժամանակ:
Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան
Հ. Գ. Նշենք, որ խմբագրությունը կարող է ոչ բոլոր տեսակետների հետ համակարծիք լինել:














