«Ազատ ձայն» լրատվականը իր ընթերցողին է ներկայացնում երիտթուրք դահիճների ոչնչացման համար ստեղծված «Նեմեսիս» խմբավորման պատասխանատու, գրող, հրապարակախոս, իսկական հայ, ազգանվեր մարդ Շահան Նաթալիի «Թուրքերը և մենք» աշխատությունից մի հատված: Այս աշխատությունը չափազանց կարևոր է և օգտակար մեր անցյալից դասեր քաղելու և դեպքերն ու փաստերը նորովի գնահատելու համար: Ստորև ներկայացնում ենք աշխատությունից նշյալ հատվածը՝
«Հայկական աշխարհածաւալ աղէտներու մասին աէն օր եւ ամէն տեղ տանեակներով թերթերու եւ հարիւրեակներով ժողովներու մէջ ընթերցողն ու ունկնդիրը կը լսէ մէկ բան. «Մեր բոլոր աղէտներուն պատճառները ուրիշներն են»:
Ի՞նչ պատմութիւններ չենք գիտեր Ռուսիայի մասին: Կա՞յ օրօրոցի երախայ մը՝ անգամ որ Լօպանօֆի «առանց հայի Հայաստանը չէ լսեր»:
Ինչե՜ր չենք գիտեր Անգլիայի մասին, որ իր «մարտանաւերը չի կրնար Արարատի գագաթը բարձրացնել»:
Իսկ Գերմանիա՞ն. Չ՞է որ «մէկ Դէօյչ զինուորի ոսկորը չի փոխեր ամբողջ Հայ ազգին հետ»:
Ֆրանսիա՞ն, Իտալիա՞ն, Ամերիկա՞ն: Վերջապես ո՞ր մէկը…
Սո՞ւտ են այս պատմութիւնները: Ո՛չ:
Ճիշտ են բոլորն ալ: Բայց նոյնքան ճիշտ է նաեւ, որ հայ աղէտներուն բոլոր պատճառները այդ պատմութիւններուն մէջ չեն:
Բայց մեր խմբագիրները, ճառախօսները, գործիչները այնքան շատ են կրկներ այս պատմութիւնները, որ Հայ ժողովուրդը, կուսակցական շարքերը, եւ իրենք իսկ քարոզիչները՝ կամ անգիտօրէն այլեւս չեն հարցներ: Իսկ մենք՝ հայերս, ոեւէ մեղք չունի՞նք մեր աղէտներուն մէջ: Եւ մեր վայբերանութիւնը միշտ ուրիշներու մասին եւ առանց ինքնանդրադարձումի եղած է, մեր կարծիքով, հայ ժողովուրդի աղէտներուն մեծագոյնը:
Ահա այս ակնոցով եւ ինքնաքննադատութեան գետնի վրայ է, որ պիտի ջանանք ցոյց տալ, թե որքա՞ն մեղքեր ունինք մենք, որոնց շատերուն հետեւանքներն են միայն ուրիշներու մեղքերը:
Մեղքեր, ոճիրներ, որոնց պատմութիւնները այլեւս անհամ դառնալ սկսած են, ո՛չ մէկ օգուտ չեն տուած մեզի, ո՛չ մեկ դարման եղած են եւ մեզ դարձուցած են հէքիաթ պատմող մամիկներ: Արիւնով ռօմանտիկ ժողովուրդ, իրականութիւն ենք համարեր այն՝ ինչ որ բաղձացեր ենք:
Ո՞ր արեւմտահայը «Քեռին» չէ տեսեր իր սարերուն վրայ:
Բայց թողունք հին պատմութիւնները:
Այսօր ո՞ր հայն է, որ Թուրքիայի տնտեսական, ֆիզիքական ու քաղաքական քայքայումը չի տեսներ ամէն օր: Վերցուցէք պատահական ոեւէ հայ թերթ, զեղծում, արտաքին աշխարհի անվստահություն, ծնունդներու նուազում, քաղաքական պարտութիւններ…Եթէ մէկ անգամ ճիշտ են ատոնք, անկեղծ եւ առարկայական ըլլանք ըսելու, թէ տասն անգամ աւելիով անոնց արձանագրութիւններուն մէջ կան մեր ենթակայական բաղձանքները: Մենք կը ճանչնանք հայ քաղաքական կեանքի ճակատագիրը վարող գործիչներ, որոնք մոռացած հայ ժողովուրդի անճիտումին ողբերութիւնը, հայ ազգը փրկելու գործ կատարած ըլլա կը կարծեն, օրինակ, հաւաքելով թուրքերու աճեցումին տոկոսները կամ ճառի մը ու յօդուածի մը նիւթ կընեն որոշ շրջանակներու մէջ քանի մը հարիւր հազար թուրքերու ու քիւրրտերու գոյութիւնը, իբր ապացոյց թուրքերու փճացման , երբ փաստն այն է, որ այդ տեղերուն մէջ հայ մը անգամ չկա՞յ:
Ի՞նչ կապացուցանէ այս:
Այն, որ հայ նոյն իսկ քաղաքական միտքը թուրքին չորթանը հային հիչէն պակաս գնահատելու աղէտը գործած է ու կը գործէ:
Եւ երբ ըսուի իրենց, թէ այդ բոլոր փաստերն ու արձանագրութիւնները ճիշտ ըլլալով մէկտեղ ճիշտ է նաեւ փաստն մըն ալ, որ քայքայուող Թուրքիան կապրի՞ այսօր, երբ մենք կը մեռնինք:
«Ազգերու կեանքին մէջ տասնեակ ակնթարթներ են»,- կը պատասխանեն:
Ու չեն անդրադառնար, որ այդ խօսքը որքան ճիշտ է: Հային համար, նոյնքան ճիշտ է Թուրքին համար: Եւ աւելին, այդ խօսքը վերածնունդի պարագային որքան ուղիղ համեմատական է Թուրքին համար, մահացումի պարագային նոյնքան խոտոր կը համեմատի մեր կեանքին:
Բայց Վիէննայի դուռնէրեն եւ Սպանիաէն մինչեւ Վոսփորի եզերքները քաշուած ըլլալու պատմութիւնները այնքան երկար են ու ձանձրացուցիչ, որ ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ ալ սիրտ կը թողուն պոռալու, թե՝ վերջապէս չէ՞ որ քառասուն միլիոնի պատմութիւնները ալ մենք ունինք:
Վերջապէս, առանց երկարելու շատ տխուր պատմութիւններ եւ բիւզանդական վէճերու մէջ մտնելու յայտարարենք, որ հայ քաղաքական կեանքին գլխաւոր անկիւնաքարը ե՛ւ ներքնապէս ե՛ւ արտաքնապէս եղած է- ամէն նպաստաւոր փաստ մեզ համար, եւ ամէն աննպաստ փաստ թուրքին համար: Կը յուսանք, թէ այս մասին տարակարծութիւններ չկան: Եւ մեր կարծիքով, ահա առաջին ակը մեր բոլոր դժբախտութիուններուն:
Թուրքը տգէտ է, Հայը՝ խելացի, Թուրքը վայրենի է, Հայը՝ կիրթ, Թուրքը անարխիստ է, Հայը՝ արհեստաւոր, Թուրքը աղքատ է, Հայը՝ հարուստ…եւ մինչեւ այնտեղ, որ Թուրքը դիպլօմատ չէ, Հայը՝ քաղաքագէտ…հետեւաբար Թուրքը կը մեռնի, Հայը՝ կը վերածնի:
Հայ քաղաքական ճակատագիրին մեծագոյն որճրագործութիւնը կատարած է այն մարդը, որ առաջին անգամ ակնոցը դրաւ հայի աչքերուն եւ ժամանակի ընթացքին ան մեզ կուրցուց այն աստիճան, որ իրերը չենք կրնար տեսնել իրենց իսկական գոյնով:
Կարելի է երեւակայել մեր կուրութեան չափը, երբ, օրինակ, գիւղացիի մը զավակ հայ խմբագիրը յարտարարէր, թէ Սուլթան Համիտ դիպլօմատ չէր: Եւ այլեւս փաստ է: Մեր նպատակն է վերգնահատումով մը դիտել շարք մը փաստեր, մէկդի դնելով այն ակնոցը, որ մեր բաղձանքներուն գոյնն ունի, եւ հակառակ մեր արդար եւ աննահանջ ատելութեան ու վրէժին, որ ունինք դէպի թրքութիւնը՝ ցոյց տալ, թէ ինչպիսի առավելութիւններ ունին անոնք մեր վրայ: Որովհետեւ մեր պատմութիւններուն գլխաւոր պատճառը թշնամիին ուժերու առաւելութիւնը չճանաչելուն մէջ կը գտնուի: Աւելին, անոր տկարութիւնները միայն ճանչնալուն մէջ: Այս է պատճառը, որ մենք յաճախ մղած ենք պայքարներ սխալ ռազմավարութիւնով եւ ճանչնալով միայն մեզ դիմաւորող թուրք հետեւանք, բաց դաշտ ենք նետւեր՝ անգիտակ թշնամի թնդանօթին, որ բլուրին ետեւ մեր դիրքը ճշդած՝ ռմբակոծեր է մեզ: Եւ արդիոնքը ճակատագրօրէն պիտի ըլլար մեր պարտութիւնը որքան ալ հերոսական ըլլային մեր ճիգերը:
«Թշնամիիդ տկար կողմը ճանչցիր անկէ հարուածելու համար զայն» խօսքը ամբողջութիւն մը չէ եւ յաճախ աղիտաւոր: Պէտք է ամբողջացնել զայն աւելցնելով «ճանչնալով անոր թիկունքը սպասող ուժը»: Թուրքին տկար կողմերուն մասին շատ ենք լսեր: Եւ ցաւալին այն է, որ այն բոլոր տկարութիւնները, որոնց մասին միշտ կը խոսինք չենք անդրադառնալու, որ թութակի պէս կը կրկնենք ինչ որ Անգլիացին, Ֆրանսիացին, Ռուսը կամ Գերմանացին ըսած են Թուրքի մասին: Կը մոռնանք, որ մենք Հայ ենք: Եւ ինչ որ տկար է Անգլիացիին համար՝ այդ ուժեղ է մեզի համար: Այդ պատճառով ալ մեր քննութիւնը հեռու պիտի ըլլայ Եւրոպացիներու գրած հատորներու փաստերէն: Հայ կեանքը ծով հատօր մըն է արիւնոտ փաստերու, եւ մենք պիտի թիավարենք մեր արիունի ալիքներուն վրայ եւ Հայի տեսնելու համար Թուրքը այնպէս, ինչպէս որ է Հային հետ կանգնած:
Հերիք է, որ Էյֆելի գլուխէն դիտեցինք թուրք մինարէն եւ անոր բարձրութիւնը արհամարհեցինք: Էյֆելը ֆրանսիացիին կը վայելէ, մեր տեղը՝ գմբէթը քանդուած եկեղեցիի մը տանիքին է առ առաւելն եւ անկէ, որ պիտի դիտենք մինարէն, որպէսզի ըմբռնենք թե անոր բարձրուիւնը բաւական էր մահաբեր անկումի մը համար:
Վկայ մեր ոսկորները:
Դիտենք ուրեմն Թուրքը զութ հայկական ակնոցով»:














