Մի՞թե ՀՅԴ-ն չի կարող փառավորել հեղինակազրկված պաշտոնատարներին

9

Որոշ տեղեկությունների համաձայն` Հայաստանի անկախության 20-ամյակի առթիվ ՀՀ Լոս Անջելեսի գլխավոր հյուպատոսությունը «Բևեռլի Հիլթն» հյուրանոցում ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսյանի պատվին տոնական հանդիսավոր ճաշկերույթ է կազմակերպելու: Սակայն ՀՅԴ-ի արևմտյան կենտրոնական կոմիտեն խիստ քննադատաբար է վերաբերվել այդ գաղափարին և մերժել հրավերքը` ըստ այդմ տարածելով հետևյալ հաղորդագրությունը.
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20ամեակին առիթով կը շնորհաւորենք ու կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի։
1918ին՝ Սարդարապատեան սխրանքով փրկուած մեր անկախ հայրենիքի սրբազան բեկորը՝ խորհրդային վարչակարգի փլուզումով ու մեր ազատատենչ ժողովուրդի ցուցաբերած աննկուն կամքին շնորհիւ, 1991ին կարողացաւ վերանուաճել անկախ հայրենիք դառնալու իրաւունքը, որ գերազանց ու պատմակշիռ իմաստ ստացաւ Արցախի ազատագրումով ու Արցախի անկախ հանրապետութեան ստեղծումով։
Ցաւով կ՛արձանագրենք, սակայն, որ Հայաստանի անկախութեան անցնող 20 տարիները՝ հայրենակերտումի ու անկախ պետականութեան ստեղծման ոգեշնչող ու առինքնող իրականութեան կողքին՝ եղան նաեւ ծանր ու անհարկի կորուստներով լեցուն տարիներ։
Սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներուն նման՝ ամերիկահայութիւնը եւս տասնամեակներ շարունակ իր հոգիին մէջ ամուր պահեց Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի սրբազան տեսլականը եւ անցնող 20 տարիներու ընթացքին ամբողջական ու անմնացորդ նուիրաբերումով լծուեցաւ հայրենակերտումի գործին։
ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կողմէ այս օրերուն նախաձեռնուած են զանազան միջոցառումներ, նշելու համար ՀՀ անկախութեան վերականգնումի տօնը։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն դրական կը գնահատէ ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կողմէ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ սեփական նոր շէնքի գնումն ու անոր բացման հանդիսութիւնը: Հայրենի դրօշին ներքեւ հիւպատոսարանը պիտի դառնայ մեր հայրենիքին ու պետականութեան պաշտօնական կեդրոնը այս շրջանին մէջ։ Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան ու անոր կենսական առաքելութեան։
20 ամեակին առիթով կազմակերպուած միջոցառումներու շարքին՝ ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան կողմէ Պեվըրլի Հիլթըն հիւրանոցէն ներս ի պատիւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին կազմակերպուած է «տօնական հանդիսաւոր ճաշկերոյթ»։
Այս առիթով հարկ կը համարենք կատարել հետեւեալ հաստատումները.–
ա.– Հայաստանի անկախութեան 20 ամեակին առիթով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութիւնը, առաւել եւս ի պատիւ իրեն կազմակերպուած «տօնական հանդիսաւոր ճաշկերոյթ» մը ստուեր կը ձգէ անկախութեան գաղափարին վրայ ու նսեմացնէ մեր ժողովուրդի արդարութեան վերականգնումի համար մղած պայքարը։
բ.– Ճիշդ չենք գտներ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20 ամեակին առիթով ի պատիւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի «տօնական հանդիսաւոր ճաշկերոյթ» կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը։ Անկախութեան տօնակատարութիւնը չի՛ կրնար առիթ ծառայել փառաւորելու հեղինակազրկուած պաշտօնատարներ, այս պարագային՝ նախագահ մը, որու վարած քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք 20 ամեայ անկախ Հայաստանը ամէն օր առաւել եւս կը խռի փտախտի տիղմին մէջ, իսկ ժողովրդավարութիւնն ու ժողովրդավարական արժէքները կը շարունակուին ոտնակոխուիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել յանցաւոր վարչակարգին վերարտադրութիւնը։ Մարդկային իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումները, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման արգելակումը, դատական համակարգէն ներս արդարութեան եւ անկախութեան բացակայութիւնը երկրին մէջ, այս նախագահի օրօք, ստեղծած են բարոյահոգեբանական այնպիսի ապառողջ մթնոլորտ, որ հայ մարդուն մէջ խախտած են հաւատքը պետութեան եւ պետականութեան նկատմամբ։ Մենաշնորհներու վրայ հաստատուած տնտեսական համակարգին շնորհիւ երկրի հարստութիւնը իւրացուցած եւ Ազգային Ժողովի ու կառավարութեան լծակները իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած օլիկարխները, նախագահի հովանաւորութեամբ անխղճօրէն կը շարունակեն կեղեքել հայրենի ժողովուրդը։ Երկրին մէջ համատարած կերպով տիրապետող սոցիալական անարդարութիւնը եւ աղքատութիւնը հասած են արդէն անմարդկային այնպիսի սահմաններու, որով հայ մարդը իր ու իր ընտանիքին ապագան երաշխաւորուած չի տեսներ հայրենիքի մէջ ու յուսահատութենէ մղուած կը դիմէ արտագաղթի՝ հայաթափելով անկախ հայրենիքը, ծանրագոյն հարուածը հասցնելով երկրի անվտանգութեան։
գ.– Չենք կրնար փառաւորել նախագահ մը, որ Արցախի հիմնահարցի լուծուման բանակցութիւնները վարելու ամուր դիրքերէն վաղուց զիջած է ու բազմիցս յայտարարած՝ ԼՂՀի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքներ զիջելու իր պատրաստակամութիւնը։ Այսօր խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք բանակցային նոր զարգացումներուն, որոնք որեւէ պահու կրնան նոր տագնապի մը առջեւ կանգնեցնել մեր ժողովուրդը ու վտանգել Արցախի անկախ հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդին անվտանգութիւնը։
դ.– Չենք կրնար փառաւորել նախագահ մը, որ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը տարաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու նուաստացուցիչ ու պարտուողական ճանապարհով, ծանր կորուստներու առջեւ դնելով մեր ժողովուրդը։ Նախագահ մը՝ որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ ամէն օր առաւել կոշտացող վերաբերումին ու Հայաստանն ու հայութիւնը նուաստացնող քայլերուն՝ տակաւին կը մերժէ Հայաստանի ստորագրութիւնը ետ վերցնել նախապայմաններով ու զիջումներով լեցուն ամօթալի այդ արձանագրութիւններէն։
Հիմնուելով վերոնշեալ հաստատումներուն վրայ կը յայտարարենք, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն չի՛ կրնար ներկայ գտնուիլ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ի պատիւ կազմակերպուած «տօնական հանդիսաւոր ճաշկերոյթ»ին։ Մեր այս որոշումը կը մեկնի մեր ժողովուրդի կողքին կանգնելու սկզբունքային մեր կեցուածքէն ու պատմական մեր իրաւունքներուն համար պայքարելու ծրագրային առաջադրանքներէն եւ ներշնչուած է մեր ժողովուրդին կողմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն ունեցած ակնկալութենէն։
Անգամ մը եւս կ՛ողջունենք Հայաստանի անկախութեան վերականգնումին 20 ամեակը ու մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ:
Ահաւասիկ 20 ամեակի մեր կարգախօսը՝ բոլոր ժամանակներուն Դաշնակցութեան կարգախօսը։
Յանձնառու կը մնանք պատմական մեր երթին՝ «ծառայել Հայաստանին ու անոր ազատագրութեան դատին»։
Կեանքի բոլոր կամուրջները մեզ կը կապեն հայրենիքին ու հայրենի երկնակամարին տակ անարդարութեան ծանր պայմաններուն մէջ տառապող ու պայքարող մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ։