Ինչպես ստորագրվեց Ալեքսանդրապոլի խայտառակ պայմանագիրը

85

«Ազատ Ձայն»-ն իր ընթերցողին է ներկայացնում Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին արտաքին գործերի նախարար և երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսյանի «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» գրքից հատված, որտեղ հեղինակը ներկայացնում է Ալեքսանդրապոլի անփառունակ պայմանագրի ստորագրման օրերին տեղի ունեցած միջադեպերը, հայկական կողմի թուլամորթ դիրքորոշումները և Թուրքիայի առաջ քաշած պահանջները:

«Ճիշտ ժամը  5-ին հաւաքուեցանք: Թուրքերը եկան ութ հոգի՝ երեք պատուիրակներ եւ հինգ պաշտօնեաներ: Մեր թարգմանն էր թրքերէն լեզուի համար  արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեայ  Ջրբաշեանը:

Մենք պատրաստեր էինք մեր յայտարարութիւնները ֆրանսերէն լեզուով եւ նոյնպէս քարտէս մը մեր նախագծած սահմաններով: Ես իմ ձեռքի տակ ունէի այն պատմական քարտէսը, որ հրապարակ կու գար բոլոր խաղաղութեան խորհրդաժողովներուն՝ սկսած Բաթումէն,  ուր գծուած էին Հայաստանի սահմանները:

Ժամը 5-ին բացուեցաւ խորհրդաժողովը: Իմ առաջարկութեամբ  նախագահութիւնը ստանձնեց Կարաբեքիր փաշան:

Նիստը  բանալով՝ Կարաբեքիր փաշա պաշտօնապէս ողջունեց պատուիրակները և յետոյ ըսաւ, թէ առաջին բանը, որ պէտք է աչքի առջեւ ունենալ, այդ՝ Թուրքիոյ պահանջն է, որ պէտք է ընդունին Հայերը այն մասին, թէ Հայաստանը կը հրաժարի Սեւրի դաշնագրէն: Մինչեւ որ – յայտարարեց Կարաբեքիր – հայկական պատվիրակութիւնը այդ պահանջին չպատասխանէ, խորհրդաժողովի պարապմունքները կը յետաձգուին: Այդ յայտարարութեան  հայկական պատվիրակութիւնը  պատասխանեց, թե ինքը կը քննէ այդ պահանջը: Ատկէ յետոյ նիստը փակուեցաւ:

Նիստեն հետոյ մենք խորհրդակցութիւն ունեցանք խորհրդականներու մասնակցութեամբ: Մենք այսպէս կը խորհէինք – եթէ մեծ պետութիւնները, որոնք ստորագրած էին Հայերուն բաւարարութիւն տուող Սեւրի դաշնագիրը, կը ցանկան ու կը կարողանան իրականացնել զայն, մեր ակներեւ պարտադրուած հրաժարումը անկէ՝ արգելք պիտի չըլլայ անոր իրագործման: Իսկ եթէ պետութիւնները իրենք հրաժարին Սեւրի դաշնագրէն, այդ պարագային մեր այսօրուայ հրաժարումը անկէ, այս բացառիկ պայմաններու մէջ, միայն կօգնէ մեզ Թուրքիոյ հետ բարի հարեւանութան կապեր հաստատելու:

Միւս կողմէ հրաժարիլ այդ առաջին պայմանէն, զոր Թուրքերը կը դնէին իբր անհրաժեշտ նախապայման խորհրդաժողովը շարունակելու համար, համազօր կըլլար հաշտութեան բանակցութիւնները խզելուն եւ պատերազմական գործողութիւնները վերսկսելուն: Եվ ճիշտ ատկէ էր, որ մենք պէտք է ամէն կերպով խուսափէինք: Առանց այդ ալ Թուրքերը մէկ օրով յետաձգեցին խորհրդաժողովի բացումը այն պատճառով, որ Երեւանէն քանի մը ժամով ուշացեր էր այն գնացքը, որ կը բերէր զինադադարի պայմաններու համաձայն Թուրքիոյ տրուելիք ռազմամթերքը: Ուստի, հայկական պատվիրակութիւնը միաձայն որոշեց ընդունիլ Կարաբեքիրի նախապայմանը: Բայց որոշեցինք հարցնել Հ.Հ. կառավարուրեան համաձայնութիւնը: Ես խօսեցայ անձամբ վարչապետ Ս. Վրացեանի հետ: Ս. Վրացեանը տուեց կառավարութեան համաձայնութիւնը:

Նոյեմբեր 26-ին մենք խմբագրեցինք մեր պատասխանը եւ հաղորդեցինք Կարաբեքիրին, թէ մեր պատասխանը պատրաստ է: 27-ին  նշանակուեցաւ երկրորդ նիստը: Այս նիստին մենք կարդացինք մեր պատասխանը, որով համաձայնութիւն կը յայտնէինք Սեւրի դաշնագրէն հրաժարելու:

Այսպէսով, Թուրքերը, գիտնալով մեր պատասխանը, այն շինութեան պատուհաններուն առջեւ, ուր տեղի կունենար խորհրդաժողովը, տեղաւորած էին զինուորական նուագախումբ  մը, որ մեր պատասխանը կարդալու միջոցին նուագեց «Էնտերնասիոնալ»-ը, այսինքն՝ բոլշեւիկեան կուսակցութեան օրհներգը:

Նոյեմերի 27-ին երեկոյան մենք նորէն ուղղակի հեռագրաթելով խօսեցանք  Հ.Հ. կառավարութեան հետ՝ իմանալու իրերու դրութիւնը: Ս. Վրացեանը ըսաւ, թէ պէտք է ամէն կերպ աշխատիլ  յենուիլ բոլշեւիկներու ներկայացուցչի պաշտպանութեան վրայ: Ես պատասխանեցի, թէ Մդիվանին միանգամայն հեռացած է Թուրքերու պահանջով եւ կը զբաղի մեր դէմ պրոպագանդ ընելով: Վրացեանը կառավարութեան անունով հավանութիւն յայտնեց սահմաններու վերաբերմամբ տալու խաղաղութեան այն պայմանները, զոր մենք բերած էինք Երեւանէն:

27-ին մինչեւ ուշ գիշերը մենք կը գրէինք մեր բացատրական զեկուցագիրը եւ կը գծէինք քարտէսի վրայ մեր պահանջած սահմանները:

Նոյեմբեր 28-ին յուրահատուկ սուրհանդակի միջոցով ստանցանք Երեւանի կառավարութենէն ծրար մը, որուն մէջ գտանք Ժընեւէն ստացուած ռատիօ-հեռագիրներ Ազգերու Լիկայի ժողովին մէջ հայկական խնդրի վերաբերմամբ եղած վիճաբանութիւններու մասին, որոնք տպագրուած էին Թիֆլիսի ու Երեւանի ռուս եւ հայ  թերթերու մէջ:

Նոյեմբեր 28-ին մենք ուղարկեցինք մեր պայմանները Կարաբեքիր փաշային: 29-ին Կարաբեքիր փաշան խնդրեց ինձմէ առանձին տեսակցութիւն ունենալ իրեն հետ: Մենք հանդիպեցանք եւ խոսեցանք գրեթէ երեք ժամ: Կարաբեքիր փաշան կաշխատէր համոզել, որ Հայերը բոլորէն լքուած են եւ պէտք է փնտռեն ամէն ձեւով մօտենալ Թուրքերուն: Ան կանգ առաւ Ազգերու Լիկայի մէջ արտասանուած ապարդիւն ճառերուն վրայ՝ շեշտելով, որ Եւրոպան օգտագործած է մեզ արդէն եւ այլեւս մեր կարիքը չունի: Ըսաւ թե Ռուսաստանը իր պատմական յառաջխաղացման մէջ դէպի հարաւ եւ տաք ծով կը կլանէ  Կովկասը եւ թէ առանց Թուրքիոյ օգնութեան եւ հովանաւորութեան, մենք պիտի չկարենանք պահել մեր գոյութիւնը: Խօսելով մերձակայ հարեւաններու մասին, Կարաբեքիր կանգ առաւ Վրաստանի վրայ: Վրստանի մասին անոր ըսածը առանձնապէս  ու չադրաւ էր:

-Դեռ Հայերու դէմ պատերազմական գործողութիւններ սկսելէ առաջ, ըսաւ ան, Անդորայի ներկայացուցիչները ի դէմս Եուսուֆ Քեմալ  բէյի եւ Ալի Ֆուատ փաշայի 1920թ. ամռանը եղան Թիֆլիս և Վրաց կառավարութեան հետ դաշն կապեցին, որու զօրութեամբ Վրաստանը, հայ-թրրքական պատերազմ ծագելու պարագային, պէտք է չէզոքութիւն պահէր եւ ատոր փոխարէն պէտք է ստանար Բորչալուի եւ Ախալքալաքի գաւառները եւ Արտահանի շրջանը: Կարաբեքիր նոյնիսկ ցոյց տուաւ ինձ այն քարտէսը, որուն վրայ գծուած էին Վրստանի սահմանները, համաձայն չէզոքութեան մասին կնքուած դաշնագրի:

Այդ պատմութիւնը վերջացնելով՝ Կարաբեքիր փաշան ակնարկեց որ թուրք-վրացական պատերազմի պարագային, – Հայաստանի հետ խաղաղութիւն կնքելէ յետոյ- Հայերը Հայաստանի չէզոքութեամբ կրնան ստանալ Ախալքալաքի գաւառը եւ Բորչալուի գաւառի մեկ մասը: Ապա Կարաբեքիր անցաւ խաղաղութեան մեր պայամաններուն եւ յուզուած բացագանչեց.  «Ձեր սահմանները  մեզ  ուղղակի ապշեցուցին: Եւ դուք՝ նստած Ալեքսանդրապոլ՝ պարտութիւն կրելէ յետոյ կը պահանջէք Մուշ եւ Վան: Ի՛նչ կըլլար, եթէ դուք նստած ըլլայիք Վան: Ի՞նչ կը մնար Թուրքիայէն: Հաւատացէք, որ ձեր պայմանները մենք պէտք է ծածկէինք մեր սպաներէն եւ զինուորներէն, ապա թէ ոչ անոնք ցրիւ պիտի տային ձեր պատուիրակութիւնը: Իմ սպայակոյտի սպաները պահեցին գաղտնիքը: Քննութեան առնել ձեր այս պայմանները անկարելի է: Մտածեցէք»:

Ես պատասխանեցի անոր, որ մենք մեր պարտքը համարեցինք  մեր ժողովուրդի առջեւ ներկայացնել այն, ինչ որ անհրաժեշտ է մեր ժողովրդի գոյութեան եւ ապագային համար: Ես աւելցուցի, որ նոյնիսկ իրեն՝ Թուրքիոյ համար կարեւոր է ունենալ իբրեւ հարեւան կենսունակ Հայաստան մը:

Կարաբեքիր հետեւեալ առակութիւնը բերաւ. «Հայերը փոքրաթիւ  են եւ մէկ միլիոն ժողովուրդի համար (որովհետեւ մնացածը Եւրոպա է, Թուրքիա կամ Ռուսաստան) բաւական է եղած փոքր հողամասը, չէ՞ որ Պելճիքան իր վեց միլիոն բնակչութեամբ ունի ընդամէնը 30.000 քառ.  քիլոմեթր»: Ես պատասխանեցի, թէ մենք երկրագործ ժողովուրդ ենք, եւ գիւղացիներուն հող է պէտք, եւ թէ Հայերը արտասահմանէն կը վերադառնան Հայաստան: Ան յայտնեց, թէ կուղարկէ ինձ իր առարկութիւնները կէտ առ կէտ եւ իր հակառաջարկները: Մեր պայմաններուն ի միջի այլոց, կցուած էր բացատրութիւն մը, որ զանազան երկիրներէ Հայաստան  պիտի վերադառնան 800.000 հայ: Մենք այդպէս հաշուեր էինք՝ ելնելով այն ենթադրութենէն, թէ որոշ երկիրներէ կը վերադառնան յիսունն առ հարիւր (Պուլկարիա եւ Ռումանիա), մնացած տեղերէն երեսուն առ հարիւր (Վրաստան, Ռուսաստան եւ այլն): Իւրաքանչիւր երկրի համար վերցուած էր առանձին չափ: Խօսակցութեան ժամանակ Կարաբեքիր փաշան կը պնդէր բանակցութիւնները շուտով վերջացնելու պէտքը՝ ակնարկելով, որ հակառակ պարագային, ան ստիպուած պիտի ըլլայ երթալ Երեւանի վրայ: Ես վերադարձայ մեր բնակարանը եւ հաղորդեցի ընկերներուս տեղի ունեցած խօսակցութեան մասին:

Նոյեմբեր 30-ին Թուրքերը ուղարկեցին դաշնագրի իրենց նախագիծը՝ սահմաններով: Անոնց ծրագրով Հայաստանին կը ձգուեր 27.000 քռ. Քիլոմեթր. Կարսի նահանգը եւ Սուրմալուի գաւառը կանցնէին Թուրքիոյ, իսկ Նախիջեւանն ու Զանգեզուրը կը դրուէին Ատրբէջանի հովանավորութեան տակ: Հայաստանին իրաւունք կը տրուէր ունենալ 1200 զինւոր, 20 գնդացիր, 8 թնդանօթ: Ժանտարմերիի թիւը չէր սահմանափակուեր: Բերդերը կը ձգուին, սակայն միայն  փոքր տեսակի թնդանօթներով: Դաշնակիցներու ներկայացուցիչները պէտք է ձգտէին Հայաստանը…»:

«Ազատ Ձայն» լրատվականի նութերն օգտագործելիս պարտադի՛ր նշեք սկզբնաղբյուրը նյութի հիպերակտիվհղումով:

 

            

SHOWED 4166