Մենք, ստորագրեալներս, մեր կոչը կ՚ուղղենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ին՝ հրաժարիլ իր որդեգրած ներկայի քաղաքականութենէն, ինչպէս՝տեղական եկեղեցիներու վերահսկման կեդրոնացում եւ անոնց առնչուող հարցերու վերաբերեալ միակողմանի որոշումներու կայացում:
Մենք կը խնդրենք վերադառնալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդական ժողովրդավարական սկզբունքներու վերականգնման ու պահպանման: Այս պահանջը կը ներառէ հոգեւոր խնդիրներու (հոգևորականներու պատասխանատուութեան ոլորտ) եւ կառուցուածքային, տնտեսական, վարչական ու իրաւական խնդիրներու (աշխարհականներու կողմէ կառավարելիք խնդիրներ) տարանջատման սկզբունքի նկատմամբ յարգանքի վերահաւաստումը`մեր բոլոր համայնքներուն հետ, ինչպէս նաեւ այդ համայնքներու ու անոնց անդամ բոլոր հաւատացեալներու միջեւ կառուցողական երկխօսութեան սովորոյթի հաստատումը. Նաեւ` մեր հաւատացեալներու ցանկութիւնը հաշուի առնել ընտրելու սեփական եկեղեցական կարգավիճակը եւ հոգեւոր հովիւը: